Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս քանիցս ըսած եւ կրկնած է հետեւեալ խօսքը. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ
երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է»: Ի՞նչ կը նշանակէ ապաշխարել: Ապաշխարութիւն կը նշանակէ
ապա-աշխարել, այսինքն՝ հետո լալ, ողբալ, կոծել, մէկ խօսքով՝ կատարած մեղքի համար զղջալ
եւ գործած չարիքի դիմաց սեփական անձը պատժել: Ապաշխարութեան խորհուրդը կը սկսի նախ մեղքի
գիտակցումով: Մեղքը գիտակցող անձը պէտք է անկեղծ զղջում ունենայ եւ մեղքը չկրկնելու վճռակամութիւնը:
Ապաշխարութեան խորհուրդի ժամանակ հաւատացեալը սրտի անկեղծ զղջումով կը խոստովանի իր մեղքերը
խոստովանահօր առջեւ եւ անոր միջնորդութեամբ անտեսանելիօրէն եւ անմիջապէս թողութիւն կը
ստանայ Յիսուս Քրիստոսէն: Որո՞նք կ՛երթան բժշկին քով, միթէ հիւանդները չե՞ն: Յիսուս-Քրիստոս
չըսա՞ւ Աւետարանին մէջ թէ «առողջները պէտք չունին բժշկի, հապա՛ հիւանդները»: Արդ, մեղաւորներս
հիւանդներ ենք, հոգեւոր հիւանդներ, հետեւաբար, պէտք ունինք հոգեւոր բժիշկներուն: Եթէ,
արդարեւ, կը ճանչնանք քահանաները իբրեւ ճշմարիտ բժիշկներ եւ, զմեզ, մեղաւորներս ալ՝ իբրեւ
հիւանդներ, որեւէ պատճառ մը չունինք անոնցմէ փախչելու՝ խոստովանանքէ հեռանալու: Ս.
Օգոստինոս ըսած է այս հիանալի խօսքերը . «Երկինքէն իջաւ մեծ բժիշկը, քանզի գետնին վրայ
պառկած էր մեծ հիւանդը»: Աստուածային այս բժիշկը քահանաներուն հաղորդեց իր բժշկական զօրութիւնը,
ապաքինելու համար մեղքերով վիրաւորուած հոգիները, եւ այս բժշկութեան եւ ապաքինութեան
դեղը կը տրուի, կը բաշխուի ապաշխարութեան խորհուրդին մէջ: Ասիկա՛ մեր հաւատքի անբաժան
իրականութիւններէն մին է: Մենք՝ կը հաւատանք թէ խոստովանահօր տուած արձակումը մեր հոգւոյն
ամէն վէրքերն ու աղտերը կը սրբէ եւ կատարեալ առողջութիւն կը պարգեւէ: Եթէ մէկը կ՛ուզէ
հիւանդութենէ, ախտէ մը բժշկուիլ պէտք է որ մեծ վստահութիւն ունենայ իր բժշկին գիտութեան,
վարդապետութեան, փորձառութեան եւ կարողութեան վրայ: Պէտք է որ պարզապէս անոր յայտնաբերէ
այն ախտն ու հիւանդութիւնը որով կը տառապի եւ, սոյն ախտին արտադրած արդիւնքները, այսինքն
այն բաները զորս կը զգայ: Եթէ վէրք մը ունի պէտք է որ զայն ցոյց տայ եւն: Նմանապէս վարուելու
է մեղաւորը իր խոստովանահօր հետ, պէտք է որ անկեղծօրէն անոր յայտարարէ իր բոլոր մեղքերը,
առանց ամչնալու, առանց անոնցմէ հատ մ՛իսկ պահելու: Անոր յայտարարելու է մեղքին առիթները,
անոր հետեւանքները: Անոր յայտնելու է նաեւ իր հակումները, իր կիրքերը, իր ունակութիւնները:
Ապա թէ ո՛չ անիկա պիտի չբժկուի, որովհետեւ անոր հոգւոյն մէջ կը պահէ մահառիթ թոյն մը
որ անոր պիտի պատճառէ յաւիտենական մահ մը: